2013-01-11 12:47:39

Եաքուպիէյի Քրիստոնեայ Հասարակութիւնը Թիրախ` Զինեալ Ահաբեկիչներու։


Հալէպի հիւսիսը գտնուող Եաքուպիէ քրիստոնեայ գիւղը ներկայիս շրջապատուած է ու թիրախ` սուրիոյ բանակի ու զինեալ ահաբեկիչներու։ Գիւղին մէջ կ'ապրին շուրջ հազար օրթոտոքս, հայ եւ կաթողիկէ բնակիչներ։ Այս անել կացութեան առջեւ անոնք մահուան վտանգին մէջ կը գտնուին, կը հաղորդէ Լիբանանէն հայր ֆրանսուա Քուսէյֆին, որ ներկայիս օգնութեան կը հասնի այդ գիւղէն փախուստ տուող շուրջ 500 սուրիացիներուն։
Քաղաքական պատերազմէն առաջ Եաքուպիէ մէջ կ'ապրէին շուրջ 3000 յոյն, հայ եւ կաթողիկէ քրիստոնեաներ։ Ներկայիս այդ գիւղի երկու երրորդը փախուստ տուած է ու Լիբանան ապաստանած է։ Սուրիոյ քրիստոնեաները այլ բնակիչներու նման ենթակայ են երկրի անկայունութեան իրավիճակին, եւ որպէս փոքրամասնութիւն իրենց կացութիւնը աւելի դիւրաբէկ ու վհատելի է։








All the contents on this site are copyrighted ©.